Կիրակի, Դեկտեմբեր 22, 2024

Շաբաթաթերթ

“The Armenian Arts Gallery”, Արուին Քոչարեան եւ “Mysticus” ցուցահանդէս

 24 Օգոստոսին բացումը կատարուեցաւ հայրենի երիտասարդ արհեստավարժ լուսանկարիչ Արուին Քոչարեանի “Mysticus” ցուցահանդէսին, Կլենտէյլի նորաբաց “The Armenian Arts Gallery”-ին մէջ։ Նախ՝ երկու խօսք ցուցասրահին մասին։ Գաղափարը յղացողն ու իրականացնողը մէկ ու միակ հանրայայտ Հայն է՝ Ստեփան Փարթամեանը, որուն հերթական համարձակ քայլին շնորհիւ, այսօր Կլենտէյլ քաղաքը հարստացաւ նոր ցուցասրահով մը։ Փարթամեանին նպատակն է զարկ տալ նորափթիթ տարրերուն եւ իւրաքանչիւր ամսուան վերջին Շաբաթ օրը, լոսանճելըսաբնակ հայ ստեղծագործողներ պիտի գան եւ արուեստի իրենց գործերը ներկայացնեն հայ թէ օտար հանրութեան։ Առաջին «փորձը» տեղի ունեցած էր Յուլիսի վերջաւորութեան, եօթը նկարիչներու գործերով։Արուին Քոչարեան երիտասարդ արհեստավարժ լուսանկարիչը արագօրէն ճանաչում արձանագրելով, անցնող շաբաթ իր գործերէն մաս մը ցուցադրեց Կլենտէյլի մէջ, խլելով ներկայ արուեստասէրներուն հիացմունքն ու գնահատանքը։ Անոր գործերուն մէջ խորհուրդ մը կայ, քաշողականութիւն մը, որ արուեստասէրը կը կապէ լուսանկարին, կը ստիպէ յամենալ եւ երկարօրէն «զրուցել» անոր հետ։Ստեփան Փարթամեանի բացման խօսքէն ետք, Արուին Քոչարեան շնորհակալութիւն յայտնեց անոր, իր ընտանեկան պարագաներուն, իր բարեկամին՝ Ալպէրթ Սիմոնեանին եւ ներկաներուն։Կը շնորհաւորենք լուսանկարիչ Արուին Քոչարեանն ու ցուցասրահի տէր եւ տնօրէն Ստեփան Փարթամեանը, մաղթելով իրենց նորանոր նուաճումներ։

 

«Նոր Օր» 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ