Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2024

Շաբաթաթերթ

Թարթուսի պայթումներուն հայ զոհեր չկան.

 «Արեւելք»  կայքի  փոխանցմամբ այսօր  Թարթուսի մօտ  գրանցուած     ահաբեկչական  պայթումներուն հետեւանքով զոհուածներուն մէջ հայեր չկան:Այս մասին  կայքը   տեղեկութիւն ստացած է   Թարթուս  քաղաքի իր աղբիւրէն: Աղբիւրը նաեւ  փոխանցած է,  որ քաղաքը կը գտնուի   բնականոն վիճակի մը  մէջ հաւաստելով, որ պայթումները եղած  են   քաղաքէն բաւական  հեռու գտնուող    հիմնական մայրուղիի   Արզունա  կամուրջին     տակ:  Նշենք, որ պայթումին հետեւանքով       ցարդ զոհուածներուն   թիւը հասած 40-ի, մինչ վիրաւորներունը` 50 -ի:      Տարբեր  աղբիւրներ նոյնպէս կը փոխանցեն, որ այսօր ահաբեկչական պայթումներ եղած են Հասաքէյի «Տուար  մաշո» , Դամասկոսի գիւղական   «Սապպուրա» շրջանին եւ Հոմսի   «Հայ Ալ Զահրա»  շրջանին մէջ:  Թարթուսի մերձ եղած   պայթումներուն    պատասխանատուութիւնը ստանձնած է       Տահէշ ահաբեկչական խմբաւորումը: 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ