Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 13, 2024

Շաբաթաթերթ

Բանաստեղծ Ժագ Յակոբեանի 80 եւ 100-ամեակներուն նուիրուած հանդիսութիւն

Սփիւռքահայ մեծանուն բանաստեղծ, մշակոյթի աննկուն գործիչ Ժագ Յակոբեանի ծննդեան դարադարձը եւ անոր բեղուն վաստակին 80-ամեակը հանդիսաւորապէս պիտի նշուի Կիրակի, 30 Հոկտեմբեր 2016-ին, Կլենտէյլի Փրիսպիթիրիան եկեղեցւոյ մէջ, երեկոյեան ժամը 6-ին (հասցէ 125 S. Louise Ave.), կազմակերպութեամբ Մաշտոց քոլէճի, բարձր հովանաւորութեամբ Հայաստանի Լոս Անճելըսի հիւպատոսարանի եւ հովանաւորութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ ազգային առաջնորդարանի, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հայոց առաջնորդարանի, Հայ Կաթողիկէ Ժողովրդապետութեան եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութեան:

Կազմակերպչական յանձնախումբին մաս կը կազմեն Ամերիկայի Հայ Աւետա-րանչական ընկերակցութիւնը, Համազգային Կրթական եւ Մշակութային Միութիւնը, ՀԲԸՄ-ը, Իրանահայ Միութիւնը, Քալիֆորնիայի Հայ Գրողներու Միութիւնը, Իրաքահայ Ընտանեկան Ընկերակցութիւնը, Նոր Սերունդ Մշակութային Միութիւնը, Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը եւ Պոլսահայ միութիւնը:

Ժագ Յակոբեան հեղինակ է 35 հատորներու. ան նաեւ ծառայած է որպէս հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչ Լիբանանի Կենաց Երկրորդական վարժարանին մէջ եւ Փասատինայի Սահակ-Մեսրոպ Հայ Քրիստոնեայ վարժարանին մէջ:

Բովանդակալից յայտագիրը պիտի պարունակէ երկու բանախօսութին, ողջոյնի խօսքեր, վկայութիւններ, նուագներ եւ ասմունք: Նաեւ պիտի ցուցադրուի բանաստեղ-ծին կեանքը ներկայացնող տեսաերիզ մը:

Հանդիսութեան մուտքը ազատ է. սիրով հրաւիրուած է հայ ժողովուրդը ներկայ գտնուելու եւ ականատեսը դառնալու պատմական աննախընթաց այս իրադարձութեան՝ մեր համայնքի պատմութեան մէջ:

 

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ