«Արեւելք» կայքի փոխանցմամբ այսօր Թարթուսի մօտ գրանցուած ահաբեկչական պայթումներուն հետեւանքով զոհուածներուն մէջ հայեր չկան:Այս մասին կայքը տեղեկութիւն ստացած է Թարթուս քաղաքի իր աղբիւրէն: Աղբիւրը նաեւ փոխանցած է, որ քաղաքը կը գտնուի բնականոն վիճակի մը մէջ հաւաստելով, որ պայթումները եղած են քաղաքէն բաւական հեռու գտնուող հիմնական մայրուղիի Արզունա կամուրջին տակ: Նշենք, որ պայթումին հետեւանքով ցարդ զոհուածներուն թիւը հասած 40-ի, մինչ վիրաւորներունը` 50 -ի: Տարբեր աղբիւրներ նոյնպէս կը փոխանցեն, որ այսօր ահաբեկչական պայթումներ եղած են Հասաքէյի «Տուար մաշո» , Դամասկոսի գիւղական «Սապպուրա» շրջանին եւ Հոմսի «Հայ Ալ Զահրա» շրջանին մէջ: Թարթուսի մերձ եղած պայթումներուն պատասխանատուութիւնը ստանձնած է Տահէշ ահաբեկչական խմբաւորումը: