Մինչ մինչեւ երէկ երեկոյ լրատուական աղբիւրներ տեղեկութիւններ կը տարածէին Սուրիոյ հարցին վերաբերեալ սպասուած համաձայնութեան մը մասին, այս առաւօտ ամերիկացի բարձրաստիճան պատասխանատու մը յայտնած է, թէ Սուրիոյ խնդրով ԱՄՆ-Ռուսիա համաձայնութիւնը ձախողած է: Նշենք, որ ըստ համաձայնութեան պիտի յայտարարուէր համընդհանուր հրադադար եւ ռուսական օդուժը պիտի դադրեցնէր թիրախաւորել Հալէպի մէջ եղող ընդդիմադիր զինեալներուն դիրքերը: Համաձայնութեան վերաբերեալ կան նաեւ այլ կարեւոր կէտեր, որոնց շուրջ խորհրդապահութիւն կը պահուի: Յայտնենք, որ Սուրիոյ ազգային բանակը երէկ կարեւոր յառաջխաղացք կատարած էր Հալէպի հարաւային հատուածին մէջ եւ իր տիրապետութեան տակ առած զինուորական երեք հիմնարակներ, ինչպէս նաեւ Ըմ Ալ Քարհ շրջանը: «Արեւելք» աւելի վաղ այս մասին տեղեկութիւն հաղորդելով գրած էր, որ այս քայլով բանակը իր պաշարման տակ կ’առնէ Հալէպի մէջ եղող ընդդիմադիր զինեալներու շրջանները կտրելով անոնց պարէնի հիմնական ճանապարհը: