Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024

Շաբաթաթերթ

Պոլսահայ մտաւորական Սեւան Նշանեան պիտի պարգեւատրուի

Իր քաղաքական  հայացքներուն համար բանտարկուած հայազգի մտաւորական Սեւան Նշանեան պիտի պարգեւատրուի: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Նշանեանի մօտիկ անձնաւորութիւնէ մը: Աղբիւրը նաեւ կը փոխանցէ, որ Սեւան Նշանեան, իր կատարած բանասիրական – գաղափարական աշխատասիրութիւններուն եւ ծաւալած  գործունէութեան առ ի գնահատանք պիտի ստանայ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Ուիլիեամ Սարոյեան»ի անուան  մետալին: Աղբիւրի համաձայն, պարգեւատրումը պիտի կայացուի յառաջիկայ օրերուն Պոլսոյ մէջ կայացուելիք պաշտօնական հաւաքի մը ընթացքին: Յիշեցնենք, որ Սեւան Նշանեան 33 ամիսն ըլլալով կը շարունակէ մնալ Թուրքիոյ բանտերուն մէջ, իսկ անոր բանտարկութեան  անտեղի վճիռը կապ ունի, իր հիմնադրած Շիրինճէ հովոցին մէջ «ապօրինի շինարարութիւններ» ընելուն հետ: 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ