Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024

Շաբաթաթերթ

Թուրքիոյ զօրակցական հաւաքներ սիւննի բնակչութիւն ունեցող «Մաժտըլ Այնճար» աւանին մէջ

Թուրքիոյ նախագահին զօրակցութեան հաւաք մը եղած է լիբանանեան Պեքաայի «Մաժտըլ  Այնճար» աւանին մէջ: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ «Ալ Ժատիտ»  կայանը: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ հաւաքին մասնակցած են շրջանի գիւղապետ՝ Սայիտ Հիւսէյն Տիպ Եասին, գիւղի իմամ՝  Մոհամմատ Ապտըլ Րահման եւ շրջանի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ: Կը հաղորդուի, որ հաւաքին մասնակիցները Էրտողանի եւ Թուրքիոյ  կառավարութեան զօրակցական խօսքեր   վանկարկած են եւ շնորհակալութիւն  յայտնած Թուրքիոյ ժողովուրդին «արդար  նախագահ Էրտողան»ը պաշտպանելու եւ «փողոց իջնելու համար»: Նշենք, որ առաջին անգամը չէ, որ Թուրքիոյ զօրակցական հաւաքներ կը կատարուին հայկական Այնճար աւանին հարեւանութեամբ գտնուող սիւննի բնակչութիւն ունեցող Մաժտըլ Այնճարի մէջ: 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ