Ուրբաթ, Նոյեմբեր 15, 2024

Շաբաթաթերթ

«Հայերը, քիւրտերը եւ թուրքերը`ցաւոտ անցեալի խաղաղ լուծման ընդմէջէն» խորագրով համաժողով Լոնտոնի մէջ

«Քրտական զարգացման կեդրոն»ի եւ «Կոմիտաս հիմնարկ»ի կազմակերպութեամբ Հանրային ֆորում մը տեղի պիտի ունենայ՝ «Հայերը, քիւրտերը եւ թուրքերը`ցաւոտ անցեալի խաղաղ լուծման ընդմէջէն» խորագրով: Նախաձեռնութիւնը տեղի պիտի ունենայ Անգլիոյ Լորտերու պալատի (House of Lords), 4A յանձնաժողովի սրահէն ներս, 12 Սեպտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-9:00

Նշենք, որ 2013-ի յունիսին, «Կոմիտաս հիմնարկ»ը սկսած էր քաղաքացիական հասարակական նախաձեռնութիւնը՝ քիւրտերու եւ հայերու միջեւ կամուրջ կառուցելու, 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան ժառանգութեան հետ հաշտուելու եւ խաղաղ ճանապարհով առաջ երթալու ուղին գտնելու: Այս առումով տարբեր ծրագիրներ իրականցուած էր Պիթլիսի (հայկական անուանումը՝ Բաղէշ) մէջ:

Այս միջոցառման, Պիթլիսի համանախագահները եւ քաղաքապետը, ինչպէս նաեւ ուրիշներ պիտի մասնակցին Լոնտոնի մէջ կայանալիք յատուկ հանդիպման, ուր անոնք պիտի քննարկեն Պիթլիսի եւ հարաւ-արեւելեան Թուրքիոյ շրջաններուն մէջ վերջին զարգացումները, եւ Պիթլիսի մէջ 3 տարի առաջ սկիզբ առաջ քիւրտ-հայկական կամուրջի կառուցման ծրագրի ապագայ հեռանկարները:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ