Կիրակի, Դեկտեմբեր 22, 2024

Շաբաթաթերթ

Դէպի Մելգոնեան. Վարդգէս Գուրուեան

Ծանօթ.- Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը հիմնուած է 1926-ին, Կիպրոսի մայրաքաղաք Նիկոսիոյ մէջ։

Աղա Գրիգոր եւ Աղա Կարապետ Մելգոնեան եղբայրները կեսարացիներ էին, որոնք Եգիպտոսի մէջ կը զբաղէին ծխախոտի արտադրութեամբ։ Համաշխարհային Առաջին Պատերազմին, առանց իր եղբօր իմաց տալու, Կարապետ Մելգոնեանը Ճափոնէն մեծ քանակութեամբ «թիւթիւն» կ՚ապսպրէ։ Երբ ծխախոտը Ալեքսանտրիա կը հասնի, գինը կը հարիւրապատկուի եւ հսկայական շահեր կ՚ապահովէ Մելգոնեան եղբայրներուն, որոնց գործարանը մինչ այդ արդէն Միջին Արեւելքի ամենամեծ ծխախոտ արտադրող գործարանն էր։

Հայկական ջարդերէն ետք, Կարապետ Մելգոնեան կ՚որոշէ որբանոց-դպրոց մը բանալ (իր մահացած եղբօր՝ Գրիգորի ծրագիրն ալ նկատի ունենալով) «իմ ազգիս վրէժը լուծելու», լաւ հայեր եւ առաջնորդներ պատրաստելու իր խողխողուած ազգին։

Այսպիսով կը հիմնուի Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը, որուն խնամակալութիւնը կը վստահուի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան։ Կարապետ Մելգոնեան իր հսկայական հարստութիւնը կը կտակէ ՀԲԸ Միութեան՝ որպէսզի անոր եկամուտներով մատակարարուի Հաստատութիւնը։

 

***

1960-ին, Հայ Շաբաթապահ Գալստական վարժարանին մէջ 7-րդ դասարան էի: Պէտք էր կամաց-կամաց մտածէինք, թէ Գալստական վարժարանը աւարտելէս ետք ո՞ւր պէտք էր երթայի ուսումս շարունակելու:

Հայրս կ’ուզէր զիս Երուսաղէմ, Թարգմանչաց Վարժարան ղրկել (ինք երուսաղէմցի էր), որպէսզի ուսումս հոն շարունակէի եւ օր մըն ալ կղերական դառնայի… (Եթէ երթայի, հաւանաբար այսօր Եպիսկոպոս ըլլայի…)։ Հայերէնի ուսուցչուհիս, Օր. Անահիտը (կարծեմ Պարսումեան էր) առաջարկեց զիս Մելգոնեան ղրկել: Եւ մէջս կամաց-կամաց Մելգոնեան երթալու փափաքս «եփեցաւ» եւ… դիմեցի:

Միջնորդներ, բարեխօսողներ պէտք էին, որպէսզի Մելգոնեան ընդունուէի:

 

Պէյրութի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան գրասենեակի պաշտօնեաներէն Թորոս Սարգիսեանը դրացի էր մեզի: Ան զիս տարաւ Բարեգործականի գրասենեակը: Գրասենեակի տնօրէնը, Սարգիս Մինասեանը, իր զանազան պաշտօններուն կողքին, պատասխանատու էր նաեւ Մելգոնեանի դիմումներուն եւ Մելգոնեանի հետ կապուած այլ հարցերու գծով: Երբ Սարգիս Մինասեանը վիճակացոյցս տեսաւ, կարծեմ նիշերէս գոհ մնաց, բայց երբ վարքի նիշս տեսաւ… վիճակացոյցիս վրայ միջնեմատով զարնելով եւ շատ խիստ ձայնով մը «այս վարքով դուն Մելգոնեա՞ն պիտի երթաս» հարցուց: «Այո՛» պատասխանեցի…

Մելգոնեանի մուտքի քննութիւններուն մասնակցեցայ: Հսկիչ ուսուցիչներէն մին, կանաչորակ աչքերով, շատ համակրելի երիտասարդ մըն էր: Յետոյ իմացայ որ այդ երիտասարդ հսկիչին անունը Վաչէ Սեմերճեան է եղեր: Առաւօտեան հայերէնի եւ թուաբանութեան քննութիւնները ունէինք: Հայերէնի շարադրութեան նիւթն էր «Ինչո՞ւ կ’ուզես Մելգոնեան երթալ»: Բաներ մը գրեցի: Թուաբանութեան պարագային, քանի որ նախակրթարանիս մէջ թուաբանութեան դասը վերջին քանի մը տարիներուն արաբերէնով կ’ընէինք, ես սեւագրութիւնս արաբերէն թիւերով կը գրէի եւ ապա լատինատառով կ’ընդօրինակէի:

Կէսօրէ ետք, կարծեմ անգլերէնի քննութեան ժամանակ էր, Պրն. Սեմերճեանը սենեակի մուտքէն հարցուց. «Ո՞վ է Վարդգէս Գուրուեանը»: Երբ ձեռքս բարձրացուցի, ժպտաց, ինչո՞ւ, չեմ գիտեր: Կարծեմ շարադրութեանս մէջ գրած էի, որ կ’ուզեմ Մելգոնեան երթալ, լաւ հայերէն սորվելու եւ վերջը «ազգիս ծառայելու» (պարզ է, այն ատեն խելքս չէր հասներ «ազգիս ծառայելուն» ինչ ըլլալը, եւ «ազգին ծառայողներուն» գլխուն գալիքները)։

Այն ժամանակ Մելգոնեանի տնօրէնը Դոկտ. Խաչեր Գալուստեանն էր: Պէտք էր որ ամէն թեկնածու տեսակցէր տնօրէնին հետ: Հայերէնի ուսուցչուհիիս, Օր. Անահիտին հետ գացի տեսակցութեան: Երբ Բարեգործականի գրասենեակին սրահը մտանք, Աստուած իմ, 45-50 թեկնածուներ, իրենց ծնողներով եկած եւ կարգի կը սպասէին: Մեր կարգը 3-4 ժամէն հազիւ կրնար գալ: Օր. Անահիտը ըսաւ, որ ինք այդքան ժամանակ չունի եւ չէր կրնար սպասել: Բարեբախտաբար Սարգիս Մինասեանը տեսաւ Օր. Անահիտը, եւ լաւ բախտէս բարեկամներ դուրս ելան: Անմիջապէս մտանք պարոն տնօրէնը տեսնելու:

Օր. Անահիտը, որպէս նախկին հիւանդապահուհի, խնամած էր Դոկտ. Խաչեր Գալուստեանին աղջիկը: Տնօրէնը ճանչցաւ զինք եւ «հարցը կարգադրուած սեպեցէք» ըսաւ:

Եւ վարքիս պատճառով չկարգադրուելիք հարցը՝ կարգադրուեցաւ…

 

Ճամբորդութեան հետ կապուած անհրաժեշտ կարգադրութիւնները ընելէ եւ մօրս քանի մը հազար բարի խրատները լսելէս ետք, վերջապէս հասաւ Մելգոնեան երթալու օրը: Հասանք օդակայան, ակնկալուածէն քանի մը վայրկեան ուշացումով: Բարեգործականի պաշտօնեաներէն Պրն. Վարդգէս Գարտաշեանը հոն էր: Ահաւոր արտաքինով, շատ խիստ մարդ մը, որ  լաւ… պոռալ գիտէր: Օդակայանին մէջ, միւս բոլոր հին եւ նոր աշակերտներուն եւ ծնողներուն առջեւ «ինչո՞ւ ուշացաք» մը պոռաց, որ խեղճ մայրս վախէն դեղնեցաւ եւ կարծեմ օրակայանին ապակիներէն ոմանք ալ ճաթեցան…: Պահ մը միտքէս անցաւ «վարքս» գործի լծել եւ բռունցքի հարուած մը տալէ ետք հրաժարիլ Մելգոնեան երթալէն: Բայց մայրս ձեռքս բռնեց եւ խրատներու շարքը շարունակեց, քիչ մը արցունքոտ աչքերով: Մօրս «խաթրին», Պրն. Գարտաշեանը «պրծաւ»:

Վերջին պահուն, վերջին խրատները՝ «բարի կեցիր, չմոռնաս շուտ-շուտ գրելու»։

Երկու «ֆրֆրով» օդանաւ մըն էր: Աշակերտները, «վալիզներու» աւելորդ ծանրութիւններուն չվճարելու համար, երկու-երեք «փոքր» ուսի պայուսակներ ալ շալկած օդանաւ բարձրացան: Ճամբորդներէն աւելի այդ «փոքր» պայուսակները ինչպէս տեղաւորուեցան, տակաւին չեմ հասկցած:

Միջին-արեւելքցիի սովորութեամբ, հրմշտուկ մը կար «լաւ աթոռ մը» գրաւելու եւ տեղաւորուելու համար:

«Միտըլ Իսթ Էրլայնզ – Էր Լիպան»ի հիւրըկալուհի աղջիկները քիչ մը ապշած էին, բայց բարի ժպիտներով կը փորձէին օգնել մեզ:

Վերադարձող Մելգոնեանցիները ուրախ էին: Նորերս՝ յուզուած քիչ մը, բայց անծանօթին արկածախնդրութիւնը կար մեր թրջուած աչքերուն մէջ:

Եւ օդանաւը ճամբայ ելաւ դէպի Կիպրոս, ըըը, Մելգոնեան:

«Եւ մենք կ՚երթանք դէպի Աղբիւրը Լոյսի»։

 

Լոս Անճելըս, 2016 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ