Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 4, 2024

Շաբաթաթերթ

Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան հրաժարական ներկայացուցած է

Այսօր կառավարութեան նիստի աւարտին ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան յայտարարեց իր հրաժարականի մասին: 

Տարածուած լուրերու համաձայն, վարչապետի պաշտօնի համար կը քննարկուի Երեւանի նախկին քաղաքապետ, «Հայռուսգազարդի» նախկին ղեկավար Կարէն Կարապետեանի թեկնածութիւնը: Սակայն, ՀՀ Սահմանադրութեան 55-րդ յօդուածի համաձայն, Հանրապետութեան Նախագահը վարչապետ կը նշանակէ կառավարութեան հրաժարականը ընդունելէն 10 օր ետք եւ միայն այդ ժամանկ  է, որ նոր վարչապետի պաշտօնը վարողի մասին կարելի կ’ըլլայ իմանալ:

Մինչ այդ, կառավարութեան անդամները կը շարունակեն իրենց պարտականութիւնները կատարել մինչեւ նոր կառավարութեան կազմաւորումը, որ կ’ըլլայ նոր վարչապետի նշանակումէն ետք` քսան օրերու ընթացքին:

Նշենք, որ Յովիկ Աբրահամեան ՀՀ վարչապետի պաշտօնը զբաղեցուցած է 2014-ի 13 ապրիլէն, փոխարինելով Տիգրան Սարգսեանին, որ ներկայիս Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի նախագահն է:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ