Թուրքիոյ Սուազ (Սեբաստիա) նահանգի գիւղերէն մէկուն բնակիչներուն բողոքի հիման վրայ գիւղին անունը վերանուանուած է իր նախկին հայկական անունով: Այս մասին հաղորդող թրքական «BirGun» կայքը նաեւ կը նշէ, որ Սուազի Քուզ գիւղի բնակիչները դիմած են իշխանութիւններուն` պնդելով, որ իրենց գիւղի անունը քրտերէնով կնոջ սեռական օրկան կը նշանակէ, որուն պատճառով հարեւան գիւղերու բնակիչները միշտ կը ծաղրեն զիրենք:
Տեղի իշխանութիւնները հաշուի առած են ստեղծուած իրադրութիւնը եւ գիւղի բնակիչներուն պահանջով գիւղը անուանակոչած են նախկին` հայկական անունով` Ծմակ, քանի որ երկար տարիներ գիւղացիները կը շարունակեն իրենց գիւղը անուանել Ծմակ: