Երեքշաբթի, Ապրիլ 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայաստանի զբօսաշրջական խորհրդանիշը կը համարուի Արարատ լեռը. IDEAL

Հայաստանի տեսարժան վայրերուն մասին պատմող նիւթ մը լոյս տեսած է սպանական յայտնի IDEAL պարբերականին մէջ՝ «Հայաստան` Եդեմական այգիի երկիր» խորագրով:

«Հայաստանի զբօսաշրջական խորհրդանիշը կը համարուի Արարատ լեռը, որուն գագաթին, ըստ Աստուածաշունչին, իջած է Նոյի տապանը, ուր եւ, ամենայն հաւանականութեամբ, գտնուած է եդեմական պարտէզը», գրած է պարբերականը: Սպանական լրատուամիջոցը իր ընթերցողներուն կը պատմէ Մատենադարանի, հայկական մանրանկարչութեան, ինչպէս նաեւ Խոր Վիրապի եւ Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան տարածման մասին:

IDEAL նաեւ կը նշէ, որ տարուէ տարի Հայաստան գրաւիչ կը դառնայ յատկապէս եւրոպացի այն զբօսաշրջիկներուն համար, որոնք կը հետաքրքրուին պատմութեամբ, կը սիրեն բնութիւն եւ կը գնահատեն ազգայինը:


ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ