Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Հարաւային Քորէա կը սպառնայ «գետնին հաւասարեցնել եւ քարտէզէն ջնջել» Փիոնկ Եանկը

Սէուլէն հասած տեղեկատուութիւններու համաձայն, BBC կը հաղորդէ, որ Հարաւային Քորէա կը ծրագրէ բնաջնջել Հիւսիսային Քորէայի մայրաքաղաքը, եթէ վերջինս հիւլէական ռումբով յարձակում մը գործելու նշաններ ցոյց տայ:

Հարաւային քորէական զինուորական աղբիւր մը իր հերթին «Եոնհափ» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Փիոնկիանկի բոլոր մասերը «ամբողջովին պիտի քանդուին հեռահար հրթիռներով եւ մեծ պայթում յառաջացնող ռումբերով»: Փիոնկիանկ երէկ Սէուլի կողմէ հնչած սպառնալիքները կոչեց «խիստ ծիծաղելի»:

Հարաւային քորէացի զինուորական պաշտօնատարը «Եոնհափ»-ին յայտնած է, որ որեւէ յարձակումի պարագային մասնաւորաբար թիրախ պիտի դառնան Փիոնկիանկի այն շրջանները, ուր կը գտնուին Հիւսիսային Քորէայի ղեկավարները` աւելցնելով, որ քաղաքը «գետնին պիտի հաւասարեցուի եւ քարտէզէն ջնջէ»:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ