Մինչ Սուրիոյ բանակի բանբեր մը յայտարարած է, թէ իսրայէլեան երկու կործանիչներ այսօր վար առնուած են, Իսրայէլ հերքած է այդ մասին բոլոր լուրերը: Ըստ սուրիական աղբիւրներու «Ալ Քոնայթրա» շրջանին վերեւ սուրիական բանակի կրակներով երկու օդանաւներ վար առնուած են: Նոյն աղբիւրները նաեւ յայտնած են, թէ իսրայէլեան օդանաւերէն մին եղած է անօդաչու եւ երկու օդանաւները վար առնուած են Ալ Քոնայթրայի «Սահսահ» շրջանին մէջ: Պաշտօնական Թել Աւիւ, որ հերքած է լուրերը նաեւ յայտնած է, որ եթէ նման կատարուած է ապա իսրայէլեան պատասխանը պիտի ըլլայ «շատ կարծր»: Նշենք, որ Թէլ Աւիւ չէ հերքած, թէ սուրիական դիրքերէ երկու ցամաք- օդ հրթիռներ արձակուած են: