Իսրայէլ կը հերքէ սուրիական բանակի կողմէ իր երկու կործանիչներու վար առնուելու լուրը

Մինչ Սուրիոյ բանակի բանբեր մը յայտարարած է, թէ իսրայէլեան երկու կործանիչներ այսօր վար առնուած են, Իսրայէլ հերքած է այդ մասին բոլոր լուրերը:  Ըստ սուրիական աղբիւրներու «Ալ Քոնայթրա» շրջանին վերեւ  սուրիական բանակի կրակներով երկու օդանաւներ վար առնուած են: Նոյն աղբիւրները նաեւ յայտնած են, թէ իսրայէլեան օդանաւերէն մին եղած է անօդաչու եւ երկու օդանաւները վար առնուած են Ալ Քոնայթրայի «Սահսահ» շրջանին  մէջ: Պաշտօնական   Թել Աւիւ, որ հերքած է լուրերը  նաեւ յայտնած է, որ եթէ նման կատարուած է ապա իսրայէլեան  պատասխանը պիտի ըլլայ «շատ կարծր»: Նշենք, որ  Թէլ Աւիւ չէ հերքած, թէ սուրիական  դիրքերէ երկու ցամաք- օդ հրթիռներ արձակուած  են:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ