Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

Շաբաթաթերթ

ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու բարձրագոյն յանձնակատարը քննադատած է Թուրքիոյ

ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու բարձրագոյն յանձնակատար Զէյտ Ռաատ ալ Հիւսէին քննադատած է Թուրքիոյ՝  ՄԱԿ-ի միջազգային դիտորդներու գործունէութիւնը խոչընդոտելու համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Deutsche Welle»-ի թրքական ծառայութիւնը, նշելով, որ 13 Սեպտեմբերին Զուիցերիոյ Ժնեւ քաղաքին մէջ ելոյթ ունեցած Ռաատ Հիւսէին նշած է, որ որոշ երկիրներ Հիւսիսային Քորէայի նման բռնատիրական կարգերու եւ ներքին պատերազմներու թատերաբեմ դարձած են: Ըստ ՄԱԿ-ի յանձնակատարի՝ այդպիսի երկրներու շարքին են նաեւ  Սուրիան եւ Թուրքիան:

Հիւսէին մատնանշած է նաեւ այն հանգամանքը, որ ՄԱԿ-ի շարք մը զեկոյցներուն մէջ արձանագրուած է, որ Թուրքիոյ մէջ կամայական յանցագործութիւններ կը գործուին, քաղաքացիական անձանց բռնի կը տեղահանեն, իսկ երկրի հարաւ-արեւելեան շրջաններու քրտական բնակավայրերը կ’աւերուին: Ան նաեւ աւելցուցած է, որ հակառակ նշեալ փաստերուն, Անգարան թոյլ չէ տուած ՄԱԿ-ի դիտորդներուն նշեալ խնդիրներու վերաբերեալ տարածքային ուսումնասիրութիւններ իրականացնել:

Հիւսէին նշած է նաեւ, որ Ժնեւի մարդու իրաւունքներու հարցերով խորհուրդին կից՝ Թուրքիոյ համար յատուկ հսկողական միաւոր ստեղծուած է:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ