Կիրակի, Դեկտեմբեր 22, 2024

Շաբաթաթերթ

Ժընեւի մէջ՝ Հայաստանի անկախութեան վերականգնման 25ամեակին նուիրուած համերգ

Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան հովանաւորութեամբ 25 Օգոստոսին, Ժընեւի մէջ տեղի ունեցաւ համերգ մը, որ նուիրուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնման 25-ամեակին:

Ըստ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան՝ երեկոյի մասնակիցներուն ուղղած  ողջոյնի խօսքին մէջ դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեան իր ջերմ երախտագիտութիւնը յայտնեց փառատօնի կազմակերպիչներուն եւ արուեստագէտներուն՝ երեք հազար տարուան պատմութեան ընթացքին տարբեր մշակոյթներու, կրօններու եւ քաղաքակրթութիւններու հանդիպման քառուղիին վրայ գտնուող հայ ժողովուրդի հարուստ եւ ինքնատիպ երաժշտական արուեստը զուիցերիացի հանդիսատեսին լաւագոյնս ներկայացնելու կարելիութեան համար:

Հայ արուեստի մեծ երախտաւորներուն, ինչպէս միջնադարեան, այնպէս ալ արդի շրջանի երաժշտական արուեստի առանձնայատկութիւններու ներկայացումով հանդէս եկած է Ժընեւի բարձրագոյն երաժշտանոցի տնօրէն Եւա Յարութիւնեան:

Ձեռնարկին ներկայ էին Ժընեւի մէջ հաւատարմագրուած բազմաթիւ դեսպաններ եւ դիւանագիտական անձնակազմի ներկայացուցիչներ, արուեստագէտներ եւ զուիցերիահայ համայնքի ներկայացուցիչներ:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ