ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Սէյրան Օհանեան այսօր ընդունած է Եւրոպայի մէջ ԱՄՆ ցամաքային զօրքերու հրամանատարի տեղակալ, զօրավար Ճոն Կրոնսքին եւ ԱՄՆ Քանզաս նահանգի աւագ թիկնապահ, ազգային պահակազօրի հրամանատար, զօրավար-գնդապետ Լի Թաֆանելին:
Կողմերը ընդգծած են, որ Հայաստանի մէջ գտնուող ԱՄՆ ԶՈՒ տարբեր փորձագիտական խումբերու առկայութիւնը կը վկայէ գործօն եւ արդիւնաւէտ համագործակցութեան մասին:
ՀՀ զինուած ուժերու եւ Քանզասի ազգային պահակազօրի, Եւրոպայի մէջ ԱՄՆ ցամաքային զօրքերու հետ համագործակցութիւնը կը ներառէ բազմաթիւ ուղղութիւններ` ՄԱԿ-ի հովանիին ներքոյ խաղաղապահութիւն, միջազգային առաքելութիւններու համար ինքնաշէն պայթուցիկ սարքեր յայտնաբերող եւ վնասազերծող անձնակազմի պատրաստում, 2-րդ մակարդակի բուժօգնութիւն ապահովող դաշտային հիւնադանոցի կարողութիւններու զարգացում եւ միջազգային հաւաստագրի մէջ, արհեստավարժ քսանապետերու կազմի ձեւաւորում, բազմազգ համատեղ զօրավարժութիւններ եւ այլն:
Ամերիկեան պատուիրակութիւնը պիտի մասնակցի ՀՀ անկախութեան 25-րդ տարեդարձին նուիրուած տօնակատարութիւններուն: