Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024

Շաբաթաթերթ

Նախագահներ՝Փութին, Օպամա, Հոլլանտ շնորհաւորական ուղերձներ յղած են ՀՀ նախագահին

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-րդ տարեդարձի առթիւ նախագահ Սերժ Սարգսեանը շնորհաւորական ուղերձներ կը ստանայ օտարերկրեայ պետութիւններու ղեկավարներէ, միջազգային կազմակերպութիւններէ, պետական եւ հասարակական հատուածի, հոգեւոր դասի ներկայացուցիչներէն, անհատներէն:

Ինչպէս կը տեղեկացնեն ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու եւ տեղեկատուութեան վարչութենէն. Տօնի առթիւ նախագահ Սերժ Սարգսեանին շնորհաւորական ուղերձ յղած են Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը:

Ուղերձին մէջ, մասնաւորապէս , ըսուած է.

«Յարգելի՛ Սերժ Ազատի,

Սրտանց կը շնորհաւորեմ Ձեզ Ձեր երկրի ազգային տօնի՝ Անկախութեան օրուայ առթիւ:

Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ յարաբերութիւնները, որ խոր պատմական արմատներ ունի, այսօր կը զարգանան ռազմավարական գործընկերութեան ոգիով, կը հարստանան ամենատարբեր ոլորտներուն մէջ հեռանկարային նախագիծով: Ատոր մեծապէս կը նպաստէ մեր պետութիւններու սերտ փոխգործակցութիւնը Եւրասիական տնտեսական միութեան, ՀԱՊԿ-ի եւ ԱՊՀ-ի շրջանակներէն ներս:

Համոզուած եմ, որ տարեշրջանային եւ միջազգային օրակարգի արդիական հարցերու լուծման գործին մէջ համատեղ ջանքերով մենք կ’ապահովենք ռազմավարական կապերու եւ կառուցողական փոխգործակցութեան ամբողջ համալիրի յետագայ զարգացումը: Սա, անկասկած, կը բխի երկու երկիրներու եղբայրական ժողովուրդներու շահերէն:

 

Յարգելի Սերժ Ազատի,

Կը մաղթեմ ձեզ քաջառողջութիւն, երջանկութիւն եւ նորանոր յաջողութիւններ, իսկ Ձեր բոլոր քաղաքացիներուն՝ խաղաղութիւն, բարօրութիւն եւ բարգաւաճում»:

ՀՀ Անկախութեան տօնի առթիւ նախագահ Սերժ Սարգսեանին շնորհաւորական ուղերձ յղած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպաման:

«Մեծարգո՛յ նախագահ,

Միացեալ Նահանգներու անունով կը շնորհաւորեմ Ձեզ եւ Հայաստանի ժողովուրդին անկախութեան 25-ամեակի կապակցութեամբ, որ կը նշուի 21 սեպտեմբերին:

Միացեալ Նահանգները հաստատուն եւ աներեր գործընկեր եղած է Հայաստանի համար՝ անկախութեան առաջին իսկ օրէն: Մենք կը շարունակենք հաւատարիմ մնալ այդ օրերու խօստմանը, երբ հայերը 1920-էն ի վեր առաջին անգամ հպարտութեամբ բարձրացուցին իրենց եռագոյն դրօշը: Այսօր մենք կրկին կը փաստենք մեր համոզմունքն առ այն, որ ապահով, բարեկեցիկ ու ժողովրդավարական Հայաստանը էական է հայ ժողովուրդի եւ առաւել լայն տարածաշրջանի անվտանգութեան համար:

Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Հայաստանի մեր ընդհանուր նպատակներուն աջակից ըլալու համար, մասնաւորապէս՝ սուրիացի փախստականներու ճգնաժամին արձագանգելու եւ համաշխարհային խաղաղապահ գործողութիւններուն մէջ ու միջուկային անվտանգութեան ասպարէզէն ներս ունեցած ներդրումներու համար: Մենք կը շարունակենք աշխատիլ միասին՝ օգնել լիարժէք իրացնել Հայաստանի ողջ ներուժը:

Անկախութեան 25-ամեակի առթիւ կը մաղթեմ ամենալաւն ու բարին Ձեզ եւ հայ ժողովուրդին»,- ըսուած է ԱՄՆ նախագահի շնորհաւորական ուղերձին մէջ:

Տօնի առթիւ նախագահ Սերժ Սարգսեանին շնորհաւորական ուղերձ յղած է Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտը:

«Պարո՛ն նախագահ,

Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային տօնի առթիւ հաճոյքով Ձեզ, ինչպէս նաեւ ողջ հայ ժողովուրդին կը յղեմ երջանկութեան, բարեկեցութեան եւ յաջողութեան մաղթանքներս:

Հայաստանը կրնայ հպարտանալ անկախութենէն ի վեր յաճախ դժուար իրավիճակի մէջ եւ տարածաշրջանային շրջակայ միջավայրի մէջ, 25 տարիներու իր անցած ճանապարհով: Գիտեմ, որ հայ ժողովուրդը ի զօրու կ’ըլլայ շարունակելու կայունութիւնը, ժողովրդավարութիւնը եւ զարգացման ուղղուած իր մեծ ջանքերը:

Ինչպէս գիտէք, ինձ հոգեհարազատ են պատմութեան մէջ արմատաւորուած մեր յարաբերութիւնները: Վստահ եղէք, պարոն Նախագահ, որ ջատագովը պիտի ըլլամ առաւել եւս ամրապնդելու մեր երկու երկիրները միաւորող ցակացած կապ:

Ի Վերջոյ, թոյլ տուէք վերահաստատել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան բանակցուած, արդար եւ կայուն կարգաւորման ուղղուած իմ յանձնառութիւնը:

Ինչպէս առիթ ունեցայ Ձեզ ըսելու յուլիս 9-ին Վարշաւայի մէջ մեր հանդիպման ժամանակ՝ պատրաստակամ եմ Փարիզի մէջ հիւրընկալել հանդիպում՝ ընթացքի մէջ գտնուող գործընթացը ի մի բերելու եւ չափազանց երկարատեւ այս հակամարտութեան առաջխաղացման միջոցառումները քննարկելու համար»,- ըսուած է Ֆրանսայի Նախագահի շնորհաւորական ուղերձին մէջ:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ