Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Նախագահ Սերժ Սարգսեան ԼՂՀ Նախագահ Բակօ Սահակեանին յանձնած է Տիգրան Մեծի շքանշան

Սեպտեմբեր 21-ին Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ միասին հանդիպում ունեցած է Սփիւռքի մէջ գործող շարք մը կառոյցներու ղեկավարներու հետ եւ քննարկած համահայկական նշանակութիւն ունեցող տարբեր հարցեր. կը տեղեկացնէ Արցախի Հանրապետութեան Նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը։

Իր ելույթին մէջ Նախագահ Սահակեան նշած է, որ մեր բոլոր յաղթանակները համայն հայութեան յաղթանակներն են, որովհետեւ անոնք կերտուած են միասնաբար: 

Հանդիպման ժամանակ ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեան Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեանին յանձնած է Տիգրան Մեծի շքանշան՝ Արցախի պետականութեան կայացման եւ ամրապնդման, համազգային նշանակութեան կարեւորագոյն խնդիրներու լուծման գործին ներդրած նշանակալի աւանդի եւ անմնացորդ նուիրումի համար:


ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ