21 Սեպտեմբերի տօնական օրը արցախեան սահմանին հակառակորդը հրադադարի պայմանը խախտած է շուրջ 70 անգամ, կիրառելով ԴՇԿ տիպի գնդացիր (36 կրակոց): Այս մասին կը յայտնեն ԼՂՀ ՊՆ մամլոյ ծառայութենէն, նշելով, որ հայ դիրքերու ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 700 կրակոց: