Հինգշաբթի, Ապրիլ 18, 2024

Շաբաթաթերթ

Թրքական լրատուամիջոցը անհանգստացած է Հայաստանի սպառազինութեան մէջ« Iskander-M»-ի առկայութենէն

Թրքական իշխանամէտ «Dunyabulteni» լրատուական կայքը անդրադարձած է Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-րդ տարեդարձին նուիրուած զօրահանդէսի ժամանակ ցուցադրուած ռուսական արտադրութեան «Իսքանտար-Մ» մարտավարական հրթիռային համակարգին:

Կը նշուի, որ «Իսքանտար-Մ»-ի կրակի արձակման առաւելագոյն հեռահարութիւնը կը հասնի 500 քմ-ի, ինչը վտանգ կը ներկայացնէ տարածաշրջանի շարք մը երկիրներու եւ յատկապէս Թուրքիոյ Արեւելեան Անատոլու կոչուող տարածքի համար, որ կ’ընդգրկէ Արեւմտեան Հայաստանի տարածքը:  Կից ներկայացուած քարտէզը  ցոյց կու տայ  Իսքանտարի հարուածի հեռահարութեան տակ յայտնուող ռիսքային գօտիները:



ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ