Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան Երկրորդական Վարժարանի սաներու գրութիւնները՝ Ինքնութիւն թեմայի շուրջ

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան երկրորդական վարժարանի 12-րդ դասարանի աշակերտները, Հայաստանի Հանրապետութեան 25-ամեակի առիթով  կարեւորութեամբ սերտեցին  առարկայական եւ ենթակայական երեւոյթները, որոնք կ’ազդեն ինքնութեան կազմաւորման վրայ:

Դասարանային հաճելի զրոյցներէ ետք աշակերտներ դրսեւորեցին իրենց մտածումները  բառերով կամ  նկարներու համադրումով:

Լորա Գույումճեան

Հայերէնի ուսուցչուհի

Ո՞վ ես դուն : Ի՞նչ է ազգութիւնդ : Ինչո՞ւ քու ազգանունդ տարօրինակ է: Այս հարցումներուն պատասխանները կը գտնուին  քու անձնական եւ ազգային ինքնութեանդ սահմանին մէջ :

Ինքնութիւնը հաւաքածոն է յատկանիշներուն, որոնք անձ մը կամ ժողովուրդ մը կը նկարագրեն: Անհատի մը ինքնութիւնը տարիներու ընթացքին կը ձեւաւորուի եւ կը կազմուի տարբեր փորձառութիւններու միջոցաւ: Իմաստասէր Էրիք Էրիքսըն իր ուսումնասիրութեան մէջ կը նշէ, թէ զանազան ազդակներ, ինչպէս ընտանիքը , ընկերային հաստատութիւնները եւ բարեկամներու շրջանակը կը  կաղապարեն անձի մը ինքնութիւնը:

Ժողովուրդի մը ինքնութիւնը սերունդէ սերունդ կը փոխանցուի: Ազգի մը մշակոյթը, աւանդութիւնները, ճաշերը, տարազները, պարերը եւ մանաւանդ լեզուն ու կրօնքը մաս կը կազմեն իր ինքնութեան: Ցեղային ինքնութիւնը կը յարատեւէ միայն, երբ ժողովուրդը կը գոյատեւէ :

Մեր ժողովուրդի ինքնութիւնը շատ կարեւոր է մեր ազգի պահպանման եւ գոյատեւման համար: Հայոց ինքնութիւնը կոփուեցաւ բազմաթիւ կարեւոր դէպքերու ընդմէջէն: Նախ Հայաստանը եղաւ առաջին պետութիւնը որ հաստատեց Քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօնք: Երկրորդ՝ Մեսրոպ Մաշտոցի գիրերու գիւտով եւ Ոսկեդարի ընթացքին, իւրայատուկ լեզու ունենալը մեզ փրկեց ձուլումէ եւ կը միացնէ մինչեւ այսօր: 451-ին Վարդանանցով ապահովեցինք կրօնական ազատութիւն, 19-րդ դարու գրական զարթօնքը հրահրեց ազատութեան եւ յեղափոխութեան գաղափարները ու մեր ազգային ինքնութիւնը ստացաւ նոր ուղղութիւն: Կուսակցութիւնները, ֆետայական շարժումը եւ մանաւանդ Սարդարապատի ճակատամարտը հասցուցին մեզ երազային անկախութեան մը, որ հիմքը դարձաւ այս օրուան 25-ամեայ հանրապետութեան:

Մեր յարատեւելու կամքը եւ վերապրելու կարողութիւնը կը զատորոշէ մեզ այլ ժողովուրդներէ: Մենք ո’չ միայն մէկ, այլ՝ բազմաթիւ ողբերգութիւններ ապրած ենք , բայց մեր ինքնութեան շնորհիւ, մեր ազգը դարեր գոյատեւած է: Առանց ինքնութեան չկայ իւրայատուկ գոյութիւն: Առանց ինքնութեան չկայ ազգութիւն :

Պահե՛նք մեր ինքնութիւնը, որպէսզի ապրի ժողովուրդը :

                                                                                                            Մեղեդի Մանոյեան

***                   

«Հայ եմ ես, կը պատկանիմ հարուստ ազգի մը, որ միայն ինք ունի Արարատ լեռը: Ես  զաւակն եմ այն ազգին, որ առաջին անգամ ընդունեց քրիստոնէութիւնը: Ես ժառանգորդն եմ ժողովուրդի մը, որ ունի իր ինքնուրոյն Այբուբենը :

Ես նահատակուած ազգի մը վերապրող թոռնիկն եմ, որ կը յիշեմ ու կը պահանջեմ : Հայ եմ ես, հպարտ եմ իմ մշակոյթով, եկեղեցիով եւ մանաւանդ իմ հայրենիքով» :

                                                                                                            Սինթիա Խաչիկեան

***                   

«Մեր ինքնութիւնը ճանչնալը, հասկնալը շատ կարեւոր է .

Ինքնութիւնը  ցոյց կու տայ  մեզի մեր կեանքի ճամբան այս աշխարհի վրայ :

Ինքնութիւնը կ’օգնէ մեզի հասկնալու թէ մենք ո՞վ ենք, ի՞նչ պէտք է ընենք, մեզմէ ի՞նչ կ’ակնկալուի, ի՞նչ ազդեցութիւն ունինք ուրիշներու վրայ:

Մէկ խօսքով ինքնութիւնը կապ ունի մեր ապրելաձեւին եւ ինքնարժեւորումին հետ :

Շատ մը զինուորներ մահացած են մեր դրօշակի պաշտպանութեան համար. շատ մը զինուորներ հիմա, այս վայրկեանիս կը պայքարին մեր դրօշակի պաշտպանութեան համար:

Դրօշակը  գունաւոր կերպաս մը չէ, դրօշակը մեր երկիրը կը ներկայացնէ եւ խորհրդանշանն է՝

            Մեր բանակին

            Մեր երկրին

            Մեր ընտանիքին

            Մեր պատիւին

Եւ մանաւանդ մեր ինքնութեան» :

                                                                                                Դանիէլ Մուրատեան

            ***                   

«Հայոց եկեղեցին 1700 տարուայ զուգահեռ  ազդեցութին ունի մեր ինքնութեան կազմաւորման վրայ:  Կրօնքի ազատութեան համար մղուած Վարդանանց պատերազմով սկսաւ մեր եկեղեցւոյ կրօնական, քաղաքական եւ մշակութային առաքելութիւնը: Քրիստոնեայ ըլլալը  պատճառ դարձաւ բազմաթիւ պատերազմներու, սակայն Քրիստոնեայ ըլլալու շնորհիւ ալ մենք դարձանք ինքնուրոյն. դիմացանք հալածանքներու եւ միշտ վայելեցինք Հայ եկեղեցւոյ պաշտպանութիւնը: Մինչեւ այսօր ալ ի զօրու է Վարդանի կոչը՝ «Վասն Յիսուսի, վասն հայրենեաց»:

                                                                                                Արի Էքմէքճեան

***                   

«Ինքնութիւն ըսուած բանը  ամէն անձի համար տարբեր իմաստ ունի: Ոմանք կ’ընդունին թէ իրենց մազերը, մորթին գոյնը, ապրած քաղաքը կը կազմեն իրենց ինքնութիւնը, իսկ ուրիշներ կ’ըսեն թէ այս տուեալները զիրենք չեն բնորոշեր :

Անհատաբար ես կ’ընդունիմ երկուքն ալ: Մեր ապրած միջավայրը, մեր մորթին գոյնը մեծ դեր կը խաղան մեզ եզակի դարձնելու երեւոյթին մէջ. սակայն այդ յատկանիշներով միայն անձի մը մասին կարծիք կազմելը արդար չէ :

Ամբողջ աշխարհի բնակչութիւնը՝ մանուկներ, պատանիներ կամ տարեցներ, բոլորն ալ տեղէ մը կու գան: Իրենց անցեալին պատճառով է, որ անոնք հոս են: Ճիշդ է, որ  ինքնութեան մեծ մասը կը ժառանգեն, բայց իրենց որոշումն է ընդունիլն ու զարգացնելը: Իւրաքանչիւր անհատի իրաւունքն է ձեւաւորել իր ինքնութիւնը, եթէ անկեղծօրէն կ’ապրի եւ ոչ միայն կ’ուտէ ու կը խմէ այս աշխարհի վրայ :

Շատ դժուար է զատել անհատական «եսը» ինքնութենէն, երբ պատանի ես: Ես կը հաւատամ, որ հասունութեան հետ «եսը» կը լուծուի ինքնութեան մէջ. ենթական կը դառնայ հարազատ ժառանգորդը իր ընտանիքին, միջավայրին ու ազգային արժէքներուն:

Չի բաւեր ժառանգել. պէտք է գուրգուրալ եւ լայնախոհութեամբ յարմարիլ նոր աշխարհի նոր փոփոխութիւններուն, որովհետեւ ինքնութեան զարգացումը սահման չունի»

                                                                                                            Ալիք Թոգադլեան

 

***                   

«Շատեր կը խորհին թէ մարդու մը ինքնութիւնը, այսինքն մարդու մը անձնաւորութիւնը կը կազմաւորուի. սակայն իմ անձնական կարծիքս այն է, որ մարդու մը ինքնութեան մեծ մասը ժառանգական է :

Հասկնալի է, որ ծնողները մեծ դեր ունին զաւակի ինքնութեան ձեւաւորումին մէջ: Ընտանեկան սովորութիւնները, շրջապատի հետ վերաբերմունքը, որոշ հարցերու ըմբռնումը եւ աշխարհահայեացքը կ’ազդեն զաւակի մը կազմաւորման եւ ի վերջոյ ինքնութեան վրայ :

Դպրոցական միջավայրը, պատանեկան միութիւնները, դպրոցական եւ միութենական մեր գործունէութիւնները բոլորը կ’ազդեն մեր վրայ ու մենք անզգալաբար կը ժառանգենք մեր ցեղային ինքնութիւնը :

Ազգային տօները, պատմական իրադարձութիւնները, հեթանոսական օրերէն հասած աւանդութիւնները, քրիստոնէական տաղաւարները բոլորը ժամանակի ընթացքին կը դառնան  մէկ մասը մեր էութեան :

Ինծի համար ինքնութիւնը յաւերժութիւն մըն է, որ եկած է դարերու խորերէն, հասած է մեզի: Մեր կարգն է, որ մենք ըլլանք ոչ միայն ժառանգորդները մեր ինքնութեան, այլ՝  յաջորդ սերունդին  փոխանցողները»:

 

                                                                                                Աղէկ   Աղէկեան

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ