Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2024

Շաբաթաթերթ

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւն մը հանդիպում ունեցաւ ԼՂՀ Ազգային Ժողովի նախագահին հետ

Պաշտօնական այցով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն այցելող ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւնը ընդունուած է ԼՂՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանին կողմէ: 24 Սեպտեմբերին կայացած հանդիպման ընթացքին Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը գլխաւորած է ատենապետ Ընկ. Սերխիօ Նահապետեան: 

Ողջունելով հիւրերը՝ խորհրդարանի ղեկավարը նշած է, թէ որպէս հայ աւանդական կուսակցութիւն՝ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան գործունէութեան նոր թափ հաղորդելու ցանկութիւնը Արցախի մէջ ընդունուած է ոգեւորութեամբ: Աշոտ Ղուլեանը նաեւ ընդգծած է, որ անհրաժեշտ է ամբողջական ներուժի համատեղում՝ համազգային նշանակութեան հարցերուն մէջ լուրջ արդիւնքներու հասնելու համար:

 

Երախտագիտութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար՝ Ընկ. Սերխիօ Նահապետեան ներկայացուցած է Սփիւռքի մէջ առկայ իրավիճակը եւ աւելցուցած, որ իր ղեկավարած կառոյցը նոր գաղափարներ ու նոր ուղիներ կը փնտռէ՝ արդիւնաւէտ գործունէութիւն ծաւալելու համար:

Նշենք, որ պատուիրակութեան մաս կազմած են Ընկերներ՝ Լեւոն Պըլըխեան եւ Բարթուղ Գալստեան: 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ