Անցած գիշեր ժամը 10.40-ի մօտ, հակառակորդի կողմէ արձակուած կրակոցին զոհ դարձած է զինծառայող՝ 1997-ի ծնունդ Սեւակ Յովհաննէսի Խաչատրեանը: Այս մասին կը յայտնեն ԼՂՀ ՊՆ մամլոյ ծառայութենէն, նշելով, որ դէպքի մանրամասները պարզելու համար կը կատարի քննութիւն: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Նախագահ Բակօ Սահակեանի ստորագրած հրամանագրով՝ զոհուած 19 ամեայ զինուորը յետմահու պարգեւատրուած է «Մարտական ծառայութիւն» մետալով։