Հալէպահայութիւնը կա՛յ եւ կը հրատարակէ նոր գիրքեր։ Վերջին «հերոսուհին» Նուարդ Մատոյեան-Տարագճեանն է՝ հալէպահայ մտաւորականութեան ժամանակակից դէմքերէն մէկը, որ կը շարունակէ մաքառիլ ու ապրիլ Հալէպի մէջ, Սուրիա։
455 էջեր հաշուող այս հատորը լոյս տեսած է այս տարի՝ Պէյրութի մէջ։ Հրատարակութիւն՝ Կարպիս Լ. Նազարեան հիմնադրամի, թիւ 20։ Համակարգչային իրագործում՝ «Սիփան» հրատարակչատուն։
Հեղինակը հատորը ձօնած է իր հօր՝ ազգային-հասարակական գործիչ Արամ Մատոյեանին եւ մօր՝ Մարիին։
Գիրքին ներածականը կատարած է Դոկտ. Արման Կիրակոսեան։ Հատորը բաժնուած է չորս գլխաւոր մասերու, ուր ամփոփուած են Տարագճեանին բազմաթիւ յօդուածներէն շուրջ յիսունը. Պատմութեան քառուղիներով, Վերագնահատում պատմութեան փաստերու, Եղեռնապատում, Հայ եւ օտար ուսումնասիրողներ Հայ Դատի մասին։
Արդարեւ՝ արժէքաւոր հատոր մը, ուր կը տողանցեն պատմական դէմքեր եւ դէպքեր։
Պիտի անդրադառնա՛նք։