Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 13, 2024

Շաբաթաթերթ

«Հայաստա՛ն, յաւերժական իմ սէր» խորագրով լուսանկարներու ցուցահանդէս Ասթրախանի մէջ

ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան եւ «Արմէնփրէս» հայկական լրատուական գործակալութեան ջանքերով ՌԴ Ասթրախան քաղաքին մէջ Սեպտեմբեր 24-ին բացուած է «Հայաստա՛ն, յաւերժական իմ սէր» խորագիրը կրող լուսանկարներու ցուցահանդէսը` նուիրուած ՀՀ եւ ԼՂՀ անկախութեան 25-ամեայ յոբելեաններուն: Ցուցահանդէսը նպատակաուղղուած է տեղեկատուութիւն տրամադրելու անկախութեան տարիներուն ՀՀ արտաքին քաղաքականութեան, տնտեսութեան, գիտութեան, մշակոյթի, ճարտարապետութեան, մարզանքի, զբօսաշրջութեան բնագաւառներուն մէջ ձեռքբերումներուն մասին: ««Արմէնփրէս» լրատուական գործակալութիւնը մեծ պատուով եւ պատասխանատուութեամբ մօտեցած է այս ցուցահանդէսներու կազմակերպման: Շնորհակալ ենք Սփիւռքի նախարարութեան մեր գործընկերներուն, որ կրցան իրականացնել այս յոյժ կարեւոր նախագիծը: Հայաստանի անկախութեան վերականգնումը եւ Արցախի ազատագրական պայքարը յիրաւի պատմական նշանակութիւն ունին ﬔր ժողովուրդին համար, եւ յոյժ կարեւոր է, որպէսզի թէ մեր հայրենակիցները Ռուսաստանի հայաշատ համայնքներուն մէջ, թէ մեր բարեկամ եւ դաշնակից Ռուսաստանի քաղաքացիները «Արմէնփրէս»-ի լուսանկարներուն միջոցով ծանօթանան անկախ Հայաստանի եւ Արցախի տարեգրութեան, աւելի լաւ պատկերացնեն այն արժէքները, նուաճումները, որ ունի ժողովուրդը եւ տեսնեն այն փայլուն ապագան, որ կը սպասէ մեր բոլորին»,- յայտնած է Armenpress.am-ի տնօրէն Արամ Անանեան:

Ցուցադրութիւնը պիտի ունենայ 6 թեմատիկ բաժին` «Անկախութիւնը` բարձրագոյն արժէք», «Դժուարին յաղթանակ», «Ազգային հերոսները», «Կը յիշենք եւ կը պահանջենք», «Յոյսի Հայաստան», «Հաւատքի Հայաստան. ուխտագնացութիւն առաջին քրիստոնեայ երկիր»: Պիտի ներկայացուի շուրջ 100 լուսանկար: Ցուցադրութիւնը պիտի շարունակուի Վոլկոկրատի մէջ:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ