Կիրակի, Դեկտեմբեր 22, 2024

Շաբաթաթերթ

ՀՀ նախագահը նախարարներ նշանակած է

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան հրամանագիրներ ստորագրած է նախարարներ նշանակելու մասին: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը:

Նախագահի հրամանագիրներով ՀՀ մշակոյթի նախարար նշանակուած է Արմէն Ամիրեանը, ՀՀ տնտեսութեան նախարար նշանակուած է Սուրէն Կարայեանը, ՀՀ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար` Արտեմ Ասատրեանը, ՀՀ առողջապահութեան նախարար` Լեւոն Ալթունեանը, ՀՀ բնապահպանութեան նախարար` Արծուիկ Մինասեանը, ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարար` Արմէն Երիցեանը, ՀՀ արդարադատութեան նախարար` Արփինէ Յովհաննիսեանը, ՀՀ սփիւռքի նախարար` Հրանոյշ Յակոբեանը, ՀՀ տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար` Դաւիթ Լոքեանը, ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար` Լեւոն Մկրտչեանը, ՀՀ մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար` Հրաչեայ Ռոստոմեանը:

Նախագահը քանի մը նախարարներ նշանակած էր Սեպտեմբեր 20-­ի հրամանագիրներով: 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ