Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Հալէպի մէջ իրավիճակը կը շարունակէ մնալ մտահոգիչ

«Նախ Ճեմարանի երեխաները իրենց տունը փոխադրեցինք ու ապա վիրաւորները փոխադրելու աշխատանքները ըրինք», այս մասին «Արեւելք»ի հետ հեռախօսազրոյցին յայտնած հալէպահայ Ս. Խ.ն: Զրուցակիցը տեղեկութիւններ փոխանցելով երէկ  Հալէպի մէջ զոհուած հայ կնոջ՝ Սեւան Հատտատի մասին, նշած է, որ ան Եագուպիյէ շրջանէն էր եւ անոր ամուսնոյն արաբ- քրիստոնեայ ըլլալուն համար, թաղուման արարողութիւնը այսօր պիտի կատարուի ոչ հայկական արաբ- քրիստոնեայ եկեղեցուոյ մը մէջ: Ան նաեւ նշած է, որ տասնեակ հայ վիրաւորներ, որոնք երէկ հիւանդանոց փոխադրուած էին ունին կայուն վիճակ եւ անոնց մէջ վտանգաւոր պարագաներ չկան:

«Մեծ եղան քանդումները, նիւթական մեծ վնասներ կան եւ Հալէպ երէկ ծանր պատերազմական օր մը անցուց: Հալէպը ռմբակոծողները անցնող հանդարտ օրերէն ետք, ճիգ ըրին կացութիւնը շրջել եւ դժոխքի վերածել մեր առօրեան» յայտնած է Ս.Խ.: «Արեւելք»ի այլ աղբիւր մը նշած է, որ հայութիւնը ուշի- ուշով կը հետեւի զարգացումներուն եւ քաղաքի բնակիչներուն մօտ կը տիրէ անորոշութիւն եւ մտահոգութիւն կապուած գալիք օրերուն հետ: Ան նաեւ ըսած է, թէ «երէկ եղածներէն ետք ժողովուրդին մօտ լուրջ մտահոգութիւններ կան: Ամբողջ Քաղաքը դատարկուեցաւ ու բոլորս անակնկալի առջեւ ենք, որովհետեւ վերջին շաբաթներուն բանակին կատարած գործողութիւններէն ետք, ոչ ոք կը սպասէր, որ Հալէպի այս շրջանները վերստին ծանր ռմբակոծումներու թիրախ դառնան»: «Արեւելք»ի խօսակիցը նշած է, որ ամբողջ գիշեր Սուրիոյ բանակի կործանիչներ ռուսական նեցուկով շարունակած են հարուածել ընդդիմադիրներու շրջանները, սակայն ըստ երեւոյթին «այդ հրթիռարաձակումները ընդդիմադիրները զսպելու զօրութիւն չունին»: Յիշեցնենք, որ երէկ դժոխային օր էր Հալէպի համար ու տասնեակ շրջաններ ենթարկուած էին ծանր հրթիռարձակումներու: Հրթիռարձակումներուն հետեւանքով արձանագրուած էին նաեւ տասնեակ հայ վիրաւորներներ ու հայ տիկին մը ՝ Սեւան Հատտատ զոհուած էր: 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ