Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 4, 2024

Շաբաթաթերթ

Նիւ Ճըրզիի շոգեկառքը արկածի ենթարկուած է. Վիրաւորներու թիւը հասած է 100-ի

Նիւ Ճըրզի նահանգի շոգեկառքը գիծէն դուրս գալով՝ զարնուած է Հոփոքըն քաղաքի կայարանի շէնքին: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Reuters»-ը, նշելով, որ միջադէպի հետեւանքով տարբեր աստիճանի մարմնական վնասուածքներ ստացած են շուրջ 100 հոգի. որոշ վակոններու մէջ քաղաքացիները փակուած մնացած են եւ չեն կրցած դուրս գալ:

Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ լուրջ վնասներ կրած է կայարանի շէնքը, որու յենասիւներէն մէկը քանդուած է, ինչի հետեւանքով ալ փլած է առաստաղի մէկ մասը: Կայարանի աշխատանքները դադարեցուած են, իսկ անոր տարածքին գտնուող քաղաքացիները՝ դուրս բերուած: Դէպքը տեղի  ունեցած է տեղական ժամանակով առաւօտեան, երբ կայարանին մէջ բաւական մեծ թիւով քաղաքացիներ կային:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ