ԼՂՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլյան Սեպտեմբեր 24-ին ընդունած է Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ ընկեր Սերխիօ Նահապետեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Ողջունելով հյուրերը, խորհրդարանի ղեկավարը նշած է, որ որպէս հայ աւանդական կուսակցութիւն՝ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան գործունէութեան նոր թափ հաղորդելու ցանկութիւնը Արցախի մէջ ընդունուած է ոգեւորութեամբ: Աշոտ Ղուլեան նաև ընդգծած է, որ անհրաժեշտ է աշխատանքի համատեղում՝ համազգային նշանակութեան հարցերու մէջ լուրջ արդիւնքներու հասնելու համար, ինչպէս կը նշէ ԼՂՀ Ազգային Ժողովի մամուլի ծառայութեան հաղորդագրութիւնը։ Երախտագիտութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար՝ Սերխիօ Նահապետյան ներկայացուցած է Սփիւռքի մէջ առկայ իրավիճակը եւ աւելցուցած, որ ՌԱԿ-ը նոր գաղափարներ ու նոր ուղիներ է փնտռտէ՝ արդիւնաւէտ գործունէութիւն ծաւալելու համար:
Ամփոփելով հանդիպումը՝ Աշոտ Ղուլեան առաջարկած է չսահմանափակուիլ անցեալին գործող շրջանակներով և տարբեր երկիրներու մէջ գործող ՌԱԿ-ի կառույցներու միջոցով համակողմանի տեղեկատուութիւն տարածել Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մասին:
Հանդիպումին մասնակցած է նաեւ ԼՂՀ ԱԺ արտաքին յարաբերութիւնների մշտական յանձնաժողովի նախագահ Ազիկ Մխիթարեանը: