ՀԲԸ Միութեան Գրիգոր Սաթամեան թատերախումբի «Դրամը ինչե՞ր կ՚ընէ» կատակերգութեան աննախընթաց յաջողութենէն ետք, թատերախումբը հանդէս պիտի գայ ուրիշ ծիծաղաշարժ կատակերգութեամբ մը՝ «Թենոր մը կ՚ուզուի» պիտակին տակ, որ պիտի ներկայացուի յառաջիկայ Հոկտեմբեր 22-էն սկսեալ։
Հոս տեղին է յիշել, որ «Դրամը ինչե՞ր կ՚ընէ» կատակերգութիւնը աւելի քան 10 անգամ ներկայացուեցաւ Փասատինայի եւ Սան Ֆերնանտօ Հովիտին մէջ, առաւել, թատերախումբը հիւրախաղերով հանդէս եկաւ Օրէնճ Քաունթիի, Ֆրեզնոյի եւ հեռաւոր Նիւ Ճըրզիի մէջ, խանդավառելով բոլոր հանդիսատեսները անխտիր։
«Թենոր մը կ՚ուզուի» կատակերգութեան հեղինակն է ամերիկացի թատերագիր Քէն Լուտուիկ, իսկ թարգմանիչը՝ բեմադրիչ Գրիգոր Սաթամեան։ Այս թատերախաղը բեմադրուած է աւելի քան 30 երկիրներու մէջ, 20 տարբեր լեզուներով։
Երկու արարներով այս թատերախաղին գործողութիւնը տեղի կ՚ունենայ 1934 թուականին, Օհայօ նահանգի Քլիվլընտ քաղաքին մէջ։ Քլիվլընտի օփերան պիտի ներկայացնէ Օթելլոն, որուն գլխաւոր դերը՝ մէկ գիշեր խաղալու համար հրաւիրուած է իտալացի աշխարհահռչակ թենոր Թիթօ Միրելլին։
Մեծ ակնկալութիւններով Թիթօ Միրելլի կը հասնի Քլիվլընտ, սակայն իրերայաջորդ ակամայ եւ խիստ ծիծաղաշարժ սխալմունքներով, ան բեմ չի կրնար բարձրանալ՝ բայց ներկայացումը տեղի կ՚ունենայ, մեծ յաջողութիւն ձեռք ձգելով։ Ինչպէ՞ս, պէտք է անձամբ ներկայ ըլլաք գիտնալու համար, թէ ինչպէ՛ս այդ թնճուկը՝ հանգոյցի մը նման կը քակուի, քրքջալից տեսարաններու ընդմէջէն…
Այս թատերախաղը պիտի ներկայացուի ՀԲԸ Միութեան Փասատինայի կեդրոնի սրահին մէջ հետեւեալ թուականներուն. Հոկտեմբեր 22, 23, 29, 30 եւ Նոյեմբեր 5 եւ 6։ Նաեւ՝ ՀԲԸ Միութեան Սան Ֆէրնանտօ Հովիտի Մանուկեան-Տեմիրճեան դպրոցի Աղաճանեան սրահին մէջ, հետեւեալ թուականներուն. Նոյեմբեր 12, 13, 19 եւ 20:
Տոմսերուն գինն է $25. ստանալու համար եւ այլ տեղեկութեանց համար կարելի է հեռաձայնել ՀԲԸ Միութեան Փասատինայի գրասենեակ՝ (626) 794-7942։