Թուրքիոյ Էլեազըղ (պատմական Խարբերդ) նահանգի 15 շրջան 6 ամիսով ռազմական անվտանգութեան գօտի յայտարարուած է: Այս մասին կը գրէ «imctv.com.tr»-ը՝ յղում ընելով Էլեազըղի նահանգապետարանի պաշտօնական կայքէն:
Ռազմական անվտանգութեան գօտի յայտարարուած 15 շրջաններու մէջ պիտի տեղակայուին զինուորական պահակակէտեր, պիտի խուզարկուին տարածք մտնող բոլոր մեքենաներն ու անձերը:
Կը նշուի, որ այդ ընթացքին թրքական ԶՈՒ-ի կողմէ տարածքի մէջ կ’իրականացուին յատուկ հակաահաբեկչական գործողութիւններ Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութիւն (PKK) խմբաւորման դէմ:
Նշենք, որ Թուրք-քրտական յարաբերութիւններու սրման հերթական փուլը սկսած է 2015-ի ամռան: