Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը երկրի համայնքապետերու հետ ժողովի ընթացքին յայտարարած է, որ Լոզանի պայմանագիրը Թուրքիոյ համար ոչ թէ յաղթանակ էր, այլ՝ կորուստ: Այս մասին կը գրէ թրքական «tr.sputniknews.com» կայքը: «15 յուլիսին Թուրքիան դիմակայեց յեղաշրջման փորձի, ահաբեկչական յարձակման եւ արտաքին տիրութիւն միաժամանակ: Այդ թուրք ժողովուրդի երկրորդ «Փրկութեան պատերազմն» էր: Ոմանք կը փորձեն Լոզանի համաձայնագիրը մեզ ներկայացնել որպէս ՛աղթանակ: Էկեան ծովու կղզիները Լոզանի ժամանակ տուինք, ատի յաղթանա՞կ է: Անկէ առաջացած խնդիրներն ալ այսօր մենք մեր ուսերուն կը տանինք», – ըսեր է Էրտողան:
Երկրորդ «Փրկութեան պատերազմի» մասին յայտարարութեան մէջ որպէս առաջին «Փրկութեան պատերազմ» Էրտողանը նկատի ունի Աթաթուրքի կողմէ 1922-23ին ղեկավարած ազգայնական շարժումը, որ Թուրքիոյ պաշտօնական պատմագրութեան մէջ կը նշուի որպէս իմփերիալիզմէն (կայսերապաշտութիւն) եւ օտար տիրութենէն փրկութեան պայքար եւ կը յիշատակուի «Փրկութեան պատերազմ» եզրով: