Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար նշանակուած է Վիգէն Սարգսեան: Այս մասին լուր փոխանցող աղբիւրներ նոյնպէս կը հաղորդեն, որ որոշումը տրուած է ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ, որ այլ որոշումով մը Էտուարտ Նալպանտեանը պահած է Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին վրայ:
Նշենք, որ Վիգէն Սարգսեան կը վարէր ՀՀ նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի պաշտօնը: