Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2024

Շաբաթաթերթ

Սուրիական բանակը ահաբեկիչներուն Հալէպի արեւելեան թաղամասերը լքելու կոչ ըրած է

Սուրիական բանակը գրոհայիններուն կոչ ըրած է լքել Հալէպի արեւելեան թաղամասերը ու մարդոց սովորական կեանքով ապրելու հնարաւորութիւն տալ: Այս մասին կը հաղորդէ SANA-լրատուական գործակալութիւնը:

Փոխանցուած տուեալներու համաձայն` կառավարական զորքերու հրամանատարութիւնը յայտնած է, որ տուեալ պարագային ահաբեկիչներուն անվտանգ անցում եւ անհրաժեշտ օգնութիւն կ’երաշխաւորուի:

Յիշեցնենք, որ իրավիճակը Հալէպի մէջ լարուած է. ահաբեկիչներ բնակելի թաղամասեր կը հարուածեն եւ խաղաղ բնակչութեան պատանդի կարգավիճակի մէջ կը պահեն:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ