Ամերիկահայ յայտնի հեռուստաաստղ Քիմ Քարտաշեան, որ այս օրերուն կը գտնուի Փարիզ, դիմակաւոր 2 անձերու կողմէ զինուած հարձակման ենթարկուած է: Այս մասին կը յայտնէ «The Daily Mail»ը, նշելով, որ միջադէպը տեղի ունեցած է 35-ամեայ հեռուստաաստղի իջած հիւրանոցին մէջ: «Քիմ Քարտաշեանի հիւրանոցային համարին մէջ անոր վրայ յարձակած են զինուած անձինք: Անոնք եղած են դիմակներով եւ ոստիկաններու տարազով»,- փոխանցած է Քարտաշեանի պաշտօնական ներկայացուցիչը՝ աւելցնելով, որ ներկայիս ան ապահով տեղ է:
Բրիտանական պարբերականը այս մասին նշած է, որ Քարտաշեանի ամուսին՝ ռէփըր Քանյէ Ուեսթ, որ յարձակման պահուն եղած է Նիւ Եորք, միջադէպի մասին տեղեկանալէ ետք չեղարկած է համերգը ու մեկնած Փարիզ:
Աւելի ուշ FranceInfo–ն այս մասին յայտնած է, թէ յանցագործները եղած են հինգ անձեր, որոնցմէ երկուքը միայն մտած են հիւրանոց եւ գողացած են Քիմի՝ 10 միլիոն եւրո արժողութեան թանկարժէք իրերը։