Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Ստեփանակերտի մէջ կայացած է «Գութան» ազգագրական երգի-պարի փառատօնը

ԼՂՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան աջակցութեամբ, Ստեփանակերտի Վերածնունդ հրապարակին մէջ կայացած է «Գութան» ազգագրական երգի-պարի փառատօն, որ հիմնադրած է  «Մրրօ» հայ ազգային երգարուեստի կեդրոնը,  ՀՀ վաստակաւոր արուեստագէտ (արթիսթ) Արսէն Գրիգորեանի գլխաւորութեամբ՝ նպատակ ունենալով մոռացութենէ փրկել եւ նոր կեանք տալ հայկական ազգային մշակոյթին, աւանդական երգ ու պարին եւ մեր հոգեւոր արժէքներուն:
Ինչպէս կը յայտնեն ԼՂՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութենէն, փառատօնի մեկնարկը տրուած է ԼՂՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Նարինէ Աղաբալեանի ողջոյնի խօսքով:

Հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանման զարգացման եւ Արցախի մշակութային կեանքին մէջ նշանակալի աւանդին համար «Գութան» աւանդական երգի-պարի փառատօնի հիմնադիր Արսէն Գրիգորեանը պարգեւատրուած է ԼՂՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան պատուոգիրով, Արցախի մէջ փառատօնի ծրագիրը ֆինանսաւորելու համար «Գագիկ Ծառուկեան» բարեգործական հիմնադրամը՝ շնորհակալագիրով: Շնորհակալագրեր հանձնուած են նաեւ բոլոր մասանակից համոյթներուն:

Ելոյթ ունեցած են «Ակունք»,  «Կարին», «Սասնայ Ծռեր», «Վերադարձ», «Մենք ենք մեր սարերը», «Տարոնցիներ», «Մասունք»,  «Տաւրոս», «Նուբար» երգի-պարի  համոյթները՝ ներկայացնելով  Հայաստանի ու Արցախի  տարբեր շրջաններու  երգն ու պարը, թատերականացուած ծիսական դրուագներ, ցուցադրուած են հայ երգի ու պարի երախտաւորներու գործունէութեան նուիրուած կարճ ֆիլմեր:
«Գութան»  ազգագրական երգի-պարի փառատօնը կ’իրականացուի 2014-էն ի վեր:  Արցախի մէջ փառատօնը առաջին անգամ կը հիւրընկալուի:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ