Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

Շաբաթաթերթ

Քիմ Քարտաշեան թալանի ենթարկուեցաւ

Ամերիկահայ յայտնի հեռուստաաստղ Քիմ Քարտաշեան, որ այս օրերուն կը գտնուի Փարիզ, դիմակաւոր 2 անձերու կողմէ զինուած հարձակման ենթարկուած է: Այս մասին կը յայտնէ «The Daily Mail»ը, նշելով, որ միջադէպը տեղի ունեցած է 35-ամեայ հեռուստաաստղի իջած հիւրանոցին մէջ: «Քիմ Քարտաշեանի հիւրանոցային համարին մէջ անոր վրայ յարձակած են զինուած անձինք: Անոնք եղած են դիմակներով եւ ոստիկաններու տարազով»,- փոխանցած է Քարտաշեանի պաշտօնական ներկայացուցիչը՝ աւելցնելով, որ ներկայիս ան ապահով տեղ է:

Բրիտանական պարբերականը այս մասին նշած է, որ Քարտաշեանի ամուսին՝ ռէփըր Քանյէ Ուեսթ, որ յարձակման պահուն եղած է Նիւ Եորք, միջադէպի մասին տեղեկանալէ ետք չեղարկած է համերգը ու մեկնած Փարիզ:

Աւելի ուշ FranceInfo–ն այս մասին յայտնած է, թէ յանցագործները եղած են հինգ անձեր, որոնցմէ երկուքը միայն մտած են հիւրանոց եւ գողացած են Քիմի՝ 10 միլիոն եւրո արժողութեան թանկարժէք իրերը։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ