Ռուսիա մտադիր է Սուրիոյ Թարթուս քաղաքին մէջ մշտական ռազմածովային կայան տեղակայելու: Ինչպէս կը յայտնէ ԹԱՍՍ-ը, այդ մասին յայտնած է ՌԴ պաշտպանութեան փոխնախարար Նիքոլայ Փանքովը:
«Համապատասխան փաստաթուղթերը արդէն պատրաստ են եւ համաձայնեցման փուլի մէջ են: Պատրաստուածութեան մակարդակը բաւական բարձր է, եւ մենք յոյս ունինք, որ շուտով ձեզմէ կը խնդրենք վաւերացնել այդ փաստաթուղթերը»,- յայտարարած է Նիքոլայ Փանքով ՌԴ Դաշնային Խորհուրդի Միջազգային հարցերով կոմիտէի նիստին:
Այժմ Թարթուսի մէջ տեղակայուած է ռուսաստանեան նաւերու նիւթատեխնիկական ապահովման կէտը, իսկ Լաթաքիոյ նահանգի «Հմէյմիմ» օդակայանին մէջ կը գտնուի Ռուսիոյ ռազմական օդանաւերը: