Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024

Շաբաթաթերթ

Ըստ Ալիեւի՝ Արցախի տագնապին մասին Քերիի յայտարարութիւնը Հայաստանին ցուցաբերուած աջակցութիւն է

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերի 29 Սեպտեմբերին յայտնած էր այն կարծիքը, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման անհրաժեշտ պայմաններ դեռ չեն գոյացած: Ըսած էր, որ ժամանակակից աշխարհի մէջ կան սառեցուած որոշ տագնապներ (նաեւ ղարաբաղեանը), որոնց համար ներկայիս չ՚երեւիր լուծումի կարելիութիւն, որովհետեւ նախ եւ առաջ «ղեկավարները ատոր պատրաստ չեն»: Ազէրպայճանի նախագահ Ալիեւ մեկնաբանելով Քերիի այս խօսքերը, զանոնք որակած է Հայաստանին ցուցաբերուած աջակցութիւն: «Մինչ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի նախագահները բազմիցս պնդած են, որ սթաթուս քուօ-ն անընդունելի է, կարելի չէ հաւասարաչափ մեղադրել երկու կողմերն ալ՝ տագնապի հանգուցալուծման ձախողութեան համար. ատիկա, Հայաստանի՝ բռնագրաւումի քաղաքականութեան աջակցութիւն ցուցաբերել կ՚ըլլայ», ըսած է Ալիեւ։ Միւս կողմէ, Ռուսաստան եւս արձագանգած է Քերիի նոյն յայտարարութեան: Այսպէս, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին անդրադառնալով խնդրոյ առարկայ խօսքերուն, ըսած է. «կը կարծեմ, որ տագնապին լուծումին կը նպաստեն ոչ թէ յայտարարութիւնները, այլ՝ գործնական աշխատանքը, ինչ որ մենք կ՚ընենք»։


ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ