Շաբաթ, Ապրիլ 20, 2024

Շաբաթաթերթ

Բարեկամութեան համաձայնագիր ստորագրուած է Ենոքաւանի եւ Վիլգրոզի միջեւ

10 Հոկտեմբերին, Տաւուշի մարզի Ենոքաւան գիւղին մէջ, գիւղապետ Անդրանիկ Չիբուխչեան եւ ֆրանսական Վիլգրոզ համայնքի ղեկավար Ռոլան Պալպիս, Ֆրանսայի դեսպան Ժան-Ֆրանսուա Շարփանթիէի եւ Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան առընթեր Փրկարար ծառայութեան ղեկավար, Տաւուշի փոխմարզպետ, զօր. Նիկոլայ Գրիգորեանի ներկայութեան, ստորագրած են բարեկամութեան համաձայնագիր մը:
Այս փաստաթուղթը կու գայ քիչ մը աւելի ամրապնդելու զուգորդ երկու համայնքներու միջեւ արդէն գոյութիւն ունեցող սերտ կապերը, որոնք ստեղծուած են հրշէջ գնդապետ Պերնար Ժանէնի ջանքերով: Ան առաջին անգամ Հայաստան գացած է Սպիտակի երկրաշարժի վաղորդայնին եւ Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան ստեղծումէն ի վեր կը գործակցի անոր հետ: Շնորհիւ ֆրանսացի գնդապետի նախաձեռնութեանց, Հայաստանի բազմաթիւ շրջաններուն մէջ պատրաստուած են փրկարարներ:
Շնորհիւ այս համաձայնագրին, կարելի պիտի ըլլայ համայնքի կամաւորներու պատրաստութիւնը, որոնք կ՚օժտուին Վիլգրոզի պատուիրակութեան որպէս նուէր բերած փրկարարական սարքերով: Երկու համայնքներուն միջեւ գործակցութիւնը կ՚ընդգրկէ նաեւ-շնորհիւ ֆրանսական համայնքին նուիրած աղբահաւաք կառքին-աղբերու հաւաքման եւ զբօսաշրջութեան բնագաւառները:
Յաջորդ օրը, ֆրանսացի հիւրերը Ենոքաւանի մէջ հետեւած են Տաւուշի այս գողտրիկ անկիւնը զբօսաշրջական կեդրոն դարձնելու աշխատանքներուն: Արդարեւ հոն զբօսաշրջութեան, յատկապէս բնապահական զբօսաշրջութեան բոլոր կարելիութիւնները առկայ են:
Ըստ Վիլգրոզի համայնքապետին` շատ բան փոխելու կարիքը չկայ. արդէն կայ լաւ հիւրընկալութիւն, ինչ որ հաճելի հանգիստի սկիզբն է:
«Պէտք չէ ամէն ինչ կրաղիւսապատել. պէտք է հպարտանալ այն ինչով, որ ունիք. ոչինչ փոխեցէք, պարզապէս փորձեցէք բարելաւել»,- ըսած է Ռոլան Պալպիս:
Ենոքաւանի մէջ, «Ֆրանսիական գիւղ» կազմակերպութիւնը բնապահական զբօսաշրջութեան զարգացման համար անհրաժեշտ ենթակառոյցներու ներդրումը սկսած է գիւղի ամենէն չքնաղ հատուածներէն մէկէն, ուր պանդոկ կը կառուցուի: Բոլոր յարմարութիւնները պիտի ստեղծուին, որպէսզի հիւրընկալութենէն ոգեւորուած զբօսաշրջիկները կրկին անգամ վերադառնան Ենոքաւան


Նիւթի աղբիւր՝ «Նոր Յառաջ»


ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ