Կիրակի, Դեկտեմբեր 22, 2024

Շաբաթաթերթ

Ռուբէն Վարդանեանի հիմնադրամը 250,000 ամերիկեան տոլար կը յայտկացնէ սուրիահայերուն

Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ (IDeA) հիմնադրամը այսօր տարածած է յայտարարութիւն սուրիահայերու իրավիճակի վերաբերեալ.

«IDeA հիմնադրամը իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ Հայաստանի, Սփիւռքի եւ աշխարհի բոլոր անհատներուն եւ կազմակերպութիւններուն, որոնք աշխուժօրէն սատարեցին մեր կոչին: Բարձր կը գնահատենք առանձին անձանց, հասարակական կազմակերպութիւններու, պետութեան եւ եկեղեցուոյ ջանքերը` ուղղուած ռազմական հակամարտութեան պայմաններուն մէջ ապրող Սուրիայի մեր հայրենակիցներուն:

Սուրիոյ հակամարտութիւնը երկար կը տեւէ, այդ երկրի մէջ բնակող հայերու խնդիրներու լուծումը կը բարդանայ տարբեր դիրքորոշումներու եւ շահերու պատճառով, սակայն մենք մեր հայրենակիցներու կեանքերու փրկութիւնը կը համարենք բացարձակ առաջնահերթութիւն: Միեւնոյն ժամանակ, մենք կը յարգենք ապագայի վերաբերեալ սեփական որոշումներ կայացնելու սիրուահայերու իրաւունքը:

Ի լրումն այն ջանքերու, որոնք կը ձեռնարկուին պետական, հանրային եւ միջազգային մակարդակներով, IDeA հիմնադրամը այս փուլին կը յատկացնէ $ 250 000, որոնք կը բաշխուին հակամարտութեան ամենասկզբէն օգնութեան ջանքեր ծաւալած ռազմավարական գործընկեր Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ) եւ Հայաստանի մէջ սուրիահայերուն աջակցութեան ծրագրեր իրագործող RepatArmenia, Mission Armenia, «Հալէպ» կազմակերպութիւններուն միջեւ` հետեւեալ ուղղութիւններով ծրագիրներու մշակման եւ իրագործման համար.

– աջակցութիւն  անոնց, որոնք կը շարունակեն մնալ Սուրիոյ մէջ (ՀԲԸՄ),

– աջակցութիւն անոնց, որոնք ժամանակաւոր ապաստան կը փնտռեն Սուրիոյ սահմաններէն դուրս (Mission Armenia),

– աջակցութիւն անոնց, որոնք որոշեր են տեղափոխուիլ Հայաստան («Հալէպ»),

– աջակցութիւն Հայաստանի մէջ ընդելուծուելու ու աշխատանք գտնելու հարցին («Repat Armenia»):

Միջոցները պիտի բաշխուին իւրաքանչիւր ծրագիրի ծաւալի եւ իւրայատկութեան համապատասխան»:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ