Շաբաթ, Ապրիլ 20, 2024

Շաբաթաթերթ

Թուրքիոյ նեցուկը վայելող ուժերը գրաւած են սուրիական Տապէք աւանը

Թուրքիոյ անմիջական նեցուկը վայելող ընդդիմադիր ուժեր յաջողած են, իրենց տիրապետութեան տակ առնել Տապէք աւանը: Տահէշի տիրապետութեան տակ եղող Տապէքը կը գտնուի Սուրիա- Թուրքիա սահմանային գօտիին վրայ եւ Հալէպի հիւսիս- արեւելեան հատուածին մէջ: Ըստ «Սուրիոյ դիտարան» ընդդիմադիր կայքին շրջանին վրայ իրենց տիրապետութիւնը տարածած են Սուրիոյ «ազատ բանակ»ի ջոկատները, որոնք ուղղակիօրէն կը հովանաւորուին Անգարայէն: Իր կարգին Պէյրութի «Ալ Ժատիտ» կայանը նկատել տուաւ, որ նախքան այդ ուժերուն «Տապէք»ը գրաւելը Թուրքիոյ նախագահ ՝ Էրտողան այս մասին յայտարարութիւններ ընելով ըսած էր, թէ «Ազատ բանակ»ի քայլերը կապ ունին Թուրքիոյ շղթայազերծած «Եփրատի վահան» գործողութեան հետ: Նշենք, որ աւելի վաղ Թուրքիոյ ԱԳ նախարար Մէւլուտ Չաւուշօղլու բաւական անսպասելի յայտատարութեամբ մը, կոչ ըրած էր «Ալ Նըսրա»ի զինեալներուն անմիջապէս հեռանալ Հալէպի ծայրամասերէն:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ