Շաբաթ, Յուլիս 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Սուրիոյ մէջ ռուսական Օդանաւերու անժամկէտ տեղակայման համաձայնագիր ստորագրուած է

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ստորագրած է Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ օդուժի խումբ մը օդանաւերու տեղակայման մասին Մոսկուայի եւ Դամասկոսի միջեւ համաձայնագիրի վաւերացման մասին օրէնքը:Այս մասին կը հաղորդէ Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը, նշելով, որ փաստաթուղթը կը կարգաւորէ ռուս զինուորներու Սուրիա գտնուելու պայմանները: Համաձայնագիրին մէջ մասնաւորաբար կ՛ըսուի, որ օդանաւերու խումբը Սուրիա տեղակայուած է Դամասկոսի խնդրանքով եւ կը գտնուի Լաթաքիոյ Հմէյմիմ օդուժի ռազմակայանին մէջ, որ իր ենթակառոյցներով եւ անհրաժեշտ տարածքով կը տրամադրուի Ռուսիոյ:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ