Շաբաթ, Դեկտեմբեր 21, 2024

Շաբաթաթերթ

Ֆիննական եկեղեցիներու զանգերը կը ղօղանջեն Հալէպի մէջ զոհուածներու յիշատակին

Ֆինլանտայի տարածքին գտնուուղ բոլոր եկեղեցիները օրական մէկ անգամ իրեց զանգերըկը հնչեցնեն՝  յարգելու համար յիշատակը Հալէպի մէջ զոհուածներուն:

Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ BBC Arabic կայանը, որ նաեւ կը հաղորդէ, թէ այս կարգադրութիւնը ըրած է Ֆինլանտայի Աւետարանական համայնքը  ու անոր  պատկանող200-է աւելի եկեղեցիներ կը մասնակցին այս նախաձեռնութեան: Եկեղեցիներուն զանգերը պիտի ղօղանջեն երեկոյեան ժամը 5-ին, 12 օր շարունակ, ի յիշատակ բոլոր անոնցորոնք մահացան Սուրիոյ մէջ:

Գաղափարը ծագած է Հելսինքիի Քալլիո եկեղեցիին մէջ, նախքան ամբողջ երկրով մէկ եւ մինչեւ Լոնտոնի տարածուիլը: Ուրբաթ, 14 հոկտեմբերին Շուէտի Ուփսալլա մայր եկեղեցին յայտարարած էոր իրենք նոյնպէս պիտի միանան այս նախաձեռնութեան:   

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ