Ռումանահայ քաղաքական գործիչ եւ գրող Վարուժան Ոսկանեան արժանացաւ եւրոպական «Angelus» գրական մրցանակին, որ կը տրուի Կեդրոնական Եւրոպայի մէջ։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ժամանակ» թերթը, նշելով, որ Լեհաստանի ձայնասփիւռը տեղեկացուցած է, որ Վարուժան Ոսկանեանին այս պարգեւը տրուած է «Շշուկներու գիրք» վէպին համար։ Մրցանակի միջազգային դատակազմը կը գլխաւորէր Ուքրանիայէն բանաստեղծ ու հրապարակագիր Միքոլա Ռիափչուք։
«Angelus» մրցանակը կը յանձնուի 2006 թուականէն ի վեր՝ լեհերէն հրապարակուած լաւագոյն գիրքի համար։ Դափնեկիր կրնայ դառնալ Կեդրոնական Եւրոպայի քսանմէկ երկիրներէն մէկուն գրողը։ Անցեալ տարուան դափնեկիրը եղած էր Ուքրանաիայէն բանաստեղծ ու վիպագիր Սէրկէյ Ժատին՝ «Միջագետք» գիրքին համար։