Ուրբաթ, Ապրիլ 19, 2024

Շաբաթաթերթ

Հարիւրաւոր իրաքցիներ բողոքի ցոյց կ’ընեն Թուրքիոյ Պաղտատի դեսպանատան առջեւ

Հարիւրաւոր իրաքցիներ այսօր բողոքի ցոյց մը ըրած են Թուրքիոյ Պաղտատի դեսպանատան շէնքին առջեւ: Բողոքարարները կը պահանջեն, որ Թուրքիա անմիջապէս հեռացնէ, իր ուժերը Իրաքէն: Յիշեցնենք, որ Իրաքի շիիթ համայնքի կրօնապետներէն եւ «Սատըր» շարժումի ղեկավար Սայէտ Մուքթատա Ալ Սատըր երէկ կոչ մը հրապարկելով Թուրքիայէն պահանջած էր միջամուխ չըլլալ Իրաքի ներքին գործերուն մէջ: Ալ Սատըր նաեւ ըսած էր, որ Մուսուլի ճակատամարտը «արդարներու եւ ոչ արդարներու միջեւ եղած ճակատամարտ մըն է»:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ