Շաբաթ, Ապրիլ 20, 2024

Շաբաթաթերթ

Ռուսական եւ սուրիական ուժերը դադրեցուցած են Հալէպի արեւելեան շրջաններուն մէջ հրթիռարձակումները

Այսօր առաւօտեան ժամերէն սկսեալ ռուսական եւ սուրիական ուժերը դադրեցուցած են Հալէպի արեւելեան շրջաններու դէմ եղող հրթիռարձակումները: Այս մասին յայտատարած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սէրկէյ Շոյկու: Ռուս պաշտօնատարը նաեւ ըսած է, որ կրակի դադրեցումը կը նախապատրաստէ յառաջիկայ հինգշաբթի օր յայտարարուելիք մարդասիրական հրադադարին: Կը հաղորդուի նաեւ, որ Ռուսիա առաջարկ ըրած է արեւելեան Հալէպի զինեալներուն հինգշաբթի օր յայտարարուելիք հրադադարէն ետք հեռանալ, իրենց դիրքերէն: Աւելի վաղ նման առաջարկ մը կատարած էր ՄԱԿ-ի Սուրիոյ հարցերով յատուկ բանագնաց Սթէֆան Տէ Միսթուրա, բայց «Ալ Նուսրա» ճակատի զինեալները մերժած էին այդ առաջարկը:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ