Շաբաթ, Ապրիլ 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Լեռնային Ղարաբաղը կրնայ ինքնավար հանրապետութիւն ըլլալ․ Ալիեւ

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցով փոխզիջում հնարաւոր է: Ան կրնայ ինքնավար հանրապետութիւն դառնալ:

Այդ մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը «Ռուսիան այսօր» միջազգային լրատուական գործակալութեան գլխաւոր տնօրէն Տմիթրի Քիսիլեովին տուած հարցազրոյցի ժամանակ, կը յայտնէ Թերթ.ամ-ը:

«Խելամիտ փոխզիջումը հնարաւոր է. Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան անվտանգութեան, անոնց կենսագործունէութեան, ինքնավարութեան ապահովում, Ատրպէյճանի կողմէ տարբեր ներդրումային նախագիծերու իրականացում: Եւ երկու ժողովուրդներու միջեւ խաղաղ փոխգործակցութիւն` Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար շրջանի սահմաններէն դուրս տարածքներու ազատագրման պայմանով. ահա մենք այսպէս կը տեսնենք հակամարտութեան կարգաւորումը»,- ըսած է ան: Ի դէպէ` ան նշած է, որ «Ազրպէյճան երբեք չի համաձայնիր Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան տրամադրման», կը փոխանցէ ria.ru-ն:

 «Բայց կրնայ ըլլալ փոխզիջում տեղական ինքնավարութեան, Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավարութեան հարցերու շուրջ, ապագային, եթէ մենք պայմանաւորուինք, անիկա կրնայ ըլլալ ինքնավար հանրապետութիւն»,- աւելցուցած է Ազրպէյճանի նախագահը:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ